Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

Երէկ Հայաստանի մէջ շարունակուեցան ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ոգեկոչումները` Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ կազմակերպուած դրօշակի արարողութեամբ, ջահավառութեամբ, 100-ամեակի ծառատնկումով եւ հայ մարմնակրթութեան նուիրուած ցուցահանդէսի բացումով:

Դրօշակի Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

100-ամեակի երէկուան ոգեկոչումներուն շարքը սկսաւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր-թանգարանի մուտքին կազմակերպուած դրօշակի արարողութեամբ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, միութեան հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռ` տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի եւ Արտաւազդ աբղյ. Շառոյեանի, 100-ամեակի տօնակատարութիւններու «կնքահայր»-ներէն տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Էլիզապէթ Սիսեռեաններու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանի, Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեանի, Հայկ Դեմոյեանի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանի, համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մասնակից խումբ մը սկաուտներու եւ այս առիթով աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ համակիրներու:

Նախ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտական շեփորախումբին նուագով երկու սկաուտներ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշները ստանձնեցին Հայկ Դեմոյեանէն ու ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէն եւ ուղղուեցան դրօշակի ձողին մօտ, ուր հանդիսաւորապէս բարձրացուցին զանոնք, որպէսզի անոնք ծածանին մինչեւ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու աւարտը: Ապա հնչեցին Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի արենուշներէն Անահիտ Անդրէասեան: Ան հանդիսութեան խորհուրդն ու նպատակը ներկայացնելով հրաւիրեց Հայկ Դեմոյեանը` ուղղելու իր խօսքը:

Դեմոյեան յայտնեց, որ 20 յուլիսը պատմական օր է, որովհետեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ կը ծածանի ՀՄԸՄ-ի դրօշը: Այն դրօշը, որ բարձր բռնեցին Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերը, վերապրումի եւ պայքարի կեանք մղած նուիրեալները: «Մենք այսօր այդ սերունդներու ժառանգութիւնը, յիշողութիւնը եւ պատիւը կրողներն ենք», նշեց ան:

Հայկ Դեմոյեան աւելցուց, որ մենք այսօր մտովին 1918  թուականին ՀՄԸՄ-ը հիմնած սերունդին հետն ենք: Կը յիշենք Շաւարշ Քրիսեանը, Հայկ Ճոլոլեանը, Գրիգոր Յակոբեանը, Յովհաննէս Հինդլեանն ու Վահան Չերազը, որոնք հայ մարմնակրթութեան ռահվիրաները հանդիսացան եւ որբերէն արժանապատիւ ու հպարտ քաղաքացիներ կերտեցին: Փա՛ռք այդ սերունդին եւ յարգա՛նք անոնց վաստակին:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, թէ «այսօր յաղթանակի օր է, ոչ թէ անոր համար, որ դրօշակի այս արարողութեամբ բացումը կը կատարուի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն,  այլ անոր համար, որ «խաւար դամբան» նետուելէ 100 տարի ետք, մենք կա՛նք, կը մնանք ու կը խոստանանք շարունակել մնալ, մինչեւ որ մեր զոյգ դրօշները` Եռագոյնը եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակը կոթողենք «կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն»:

«Այսօր յաղթանակի օր է, որովհետեւ այսօր Ծիծեռնակաբերդի մէջ միայն Ցեղասպանութեան նահատակներուն ջահը չէ, որ կը բոցավառի, այլ մէկի փոխարէն կը բոցավառին չորս այլ ջահեր, որոնք կու գան Անթիլիասէն, Փարիզէն, Պոլիսէն եւ Արարատի կատարէն: Վերջին ջահը անակնկալ մըն էր միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն պատկանող 24 խմբապետներուն կողմէ, որոնք անցնող օրերուն ամէն դժուարութիւն յաղթահարելով բարձրացան Արարատ, ՀՄԸՄ-ականի իրենց ուխտը վերանորոգեցին եւ անմար ջահով մը վերադարձան անկէ»:

Գառնիկ Մկրտիչեան աւելցուց. «Այս ջահերը այսօր պիտի միանան Ծիծեռնակաբերդի անմար ջահին եւ միասնաբար պիտի բոցավառին հայութեան եւ Հայաստանի համար, ՀՄԸՄ-ի եւ անոր երազներուն իրականացման համար: Մինչ չորս վայրերէ բերուած հողերը, Ծիծեռնակաբերդի հողին խառնուելով, պիտի պարարտացնեն ու զօրացնեն զայն այնպէս մը, որ անոնք նոր աւիշ պիտի տան միութեան 100-ամեակի ծառին, որ պիտի ցանուի բոլորիս կողմէ, բոլորիս համար»:

Ծառատնկումը 

Այնուհետեւ, ներկայ հիւրերն ու ժողովուրդը ուղղուեցան յուշահամալիրին պուրակը` առաջնորդութեամբ Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի, միութեան սկաուտութեան եւ 100-ամեակի դրօշներուն: Անոնց հետեւեցան չորս ջահակիրներ եւ չորս սկաուտներ, որոնք կը կրէին յատուկ արկղներով չորս վայրերէ բերուած հողեր:

Ծառատնկումի վայրը հասնելով` արկղներու հողերը պարպուեցան եւ խառնուեցան 100-ամեակի ծառի հողին, որուն մօտ կանգնեցուած մետաղեայ բացատրագիրը կը կրէր հետեւեալ գրութիւնը. «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի կապակցութեամբ: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւն, 2018»:

Ջահավառութիւնը

Ծառատնկումէն ետք ներկաները ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան եւ անմար կրակին շուրջ բոլորուելով իրենց յարգանքն ու երախտիքը յայտնեցին միութեան մէկ դարու հաւատաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ինկան ի սէր հայ ժողովուրդին եւ ի պաշտպանութիւն անոր նուիրական հայրենիքին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերուն կողմէ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք ջահերը միացուեցան Ծիծեռնակաբերդի անմար ջահին:

Ցուցահանդէսը

Ոգեկոչումներու շարքը աւարտեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին բացումով: Հայ մարմնակրթութեան նուիրուած ցուցահանդէսը եզակի էր իր տեսակին մէջ, որովհետեւ թանգարանի հաւաքածոյին կողքին ան կը ցուցադրէր նաեւ յատկապէս Պէյրութէն, ՀՄԸՄ-ի «Վարդգէս Տէր Կարապետեան թանգարան»-էն բերուած արժէքաւոր իրեր եւ պատմական փաստաթուղթեր:

Ցուցահանդէսին բացումէն առաջ, Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան կատարեցին նոր լոյս տեսած «Ալպոմ ՀՄԸՄ-ի Վարդգէս Տէր Կարապետեան թանգարանի» գիրքին մակագրութիւնն ու իրարու հետ փոխանակումը: «Ալպոմ»-ը կը ներկայացնէ միութեան թանգարանին աւելի քան 1200 իրերէն եւ փաստաթուղթերէն 230 նմուշներ: «Ալպոմ»-ին խմբագիրն է միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան:

Տեղի ունեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի կողմէ 100-ամեակի յուշանուէրներու փոխանցում Նարինէ Մարգարեանին եւ Հայկ Դեմոյեանին:

Խօսք առաւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեան եւ ըսաւ, որ մեծ է ՀՄԸՄ-ի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ: ՀՄԸՄ կը նպաստէ մեր նորահաս սերունդի ֆիզիքական առողջ կազմաւորման եւ ազգային ու բարոյական արժէքներու ձեռքբերման: ՀՄԸՄ նաեւ կամուրջ կը հանդիսանայ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման:

Մարգարեան նշեց, որ Ցեղասպանութեան թանգարանը յատուկ ուշադրութիւն կ’ընծայէ նախաեղեռնեան հայ կեանքի լուսաբանման ու ներկայացման, եւ մարմնակրթութիւնը կը հանդիսանայ այդ կեանքի կարեւոր երեսներէն մէկը` տրուած ըլլալով, որ հայեր հիմնադիրները եղած են Օսմանեան կայսրութեան մարզական կեանքին:

Իր խօսքի աւարտին, Նարինէ Մարգարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի ատենապետ եւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի գործադիր մարմինի անդամ Արամ Գայսէրեան հատեցին ցուցահանդէսի բացման ժապաւէնը, որմէ ետք ներկաները առիթը ունեցան շրջելու ցուցադրուած նկարներուն, իրերուն եւ փաստաթուղթերուն շուրջ` լայն բացատրութիւններ ստանալով Հայկ Դեմոյեանէն:

Այսօրուան Եւ Վաղուան Ձեռնարկները

Այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնատեղիին մուտքին տեղի պիտի ունենայ միութեան հիմնադիր երրորդութեան` Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի կիսանդրիներու բացումը: Յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին պիտի կատարուի 100-ամեակի փառահեղ տողանցք` «Ազատութեան» հրապարակէն «Հանրապետութեան» հրապարակ, մասնակցութեամբ` համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մասնակիցներու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտներու եւ միութեան նախկին խմբապետներու:

Վաղը` կիրակի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, 100-ամեակի մասնակիցները պիտի այցելեն Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն:

Ինչպէս անցնող օրերուն, այսօրուան եւ վաղուան ձեռնարկներուն եւս կարելի է ուղղակի հետեւիլ միութեան դիմատետրի էջով:

Լուսանկարները` ՅԱԿՈԲ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի եւ

ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի